2013-11-16 10:01:13

16 նոյեմբերը աղօթքի օր Փիլիպեան կղզեխումբի բնակիչներուն` ''Հայան'' մահասփիւռ մրրիկի աղէտեալներու ու զոհերուն համար։


Փիլիպեանցի կարտինալ Թակլէ 16 նոյեմբերը հռչակած է որպէս աղօթքի օր, Փիլիպեան կղզեխումբի Հայան` մահասփիւռ մրրիկի աղէտեալներու ու զոհերուն դիտաւորութեան։ ''Այս առիթ մը թող ըլլայ ցոյց տալու համայն աշխարհին որ սէրը աւելի հզօր է քան մրրիկն ու երկրաշարժը'' ըսած է Կարտինալը եւ կոչ ուղղած է սփիւռքի փիլիպենցիներուն միանալու աղօթքի օրուան ու իրենց սատարը բերելու աղէտեալներուն։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ըսաւ. ''մեր աղօթքը կը բարձրացնենք Ամենակալին ու մեր ոյժերը միատեղ կը համախմբենք օգնութեան հասնելու Փիլիպեան կղզեախումբի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն որոնք թիրախ եղած են մրրիկին։ Այս է ճշմարիտ պայքարը` պայքար մը կեանքի եւ ոչ թէ մահուան ի սպաս'' - ըսած էր Քահանայապետը։
Ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կոչին, իտալական Եկեղեցին որոշած է, մէկ դեկտեմբերին, դրամահաւաք կատարել ի նպաստ Փիլիպեան կղզեխումբի աղէտեալներուն։
Յայտնենք որ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, անմիջապէս 3 միլիոն եւրօ տրամադրեց, իսկ իտալական Գարիթասը 150 հազար եւրօ։ Իտալիոյ Յիսուսեան միաբանութեան հայրերը եւս, ''Մաճիս'' հիմնադրամի միջոցաւ, օգնութեան հասան աղետեալներուն։
Գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու քահանայապետական խորհուրդը եւս յատուկ հիմնադրամ մը հաստատած է ի նպաստ աղէտեալներուն, անմիջապէս տրամադրելով 10 հազար ամերիկեան տոլար, քանդուած տուներու վերաշինութեան համար։ Քահանայապետական խորհուրդը հրաւիրած է իր բոլոր համակիրները նպաստելու այդ հիմնադրամին։
Զուիցերիոյ Գարիթասը երկու միլիոն զուիցերական ֆրանք տրամադրած է ապաստան ապահովելու բազմաթիւ անօճախ ընտանիքներուն։
Յայտնենք որ համայն քրիստոնեայ աշխարհը, իր բոլոր համայնքներով ու կազմակերպութիւններով զօրաշարժի մէջ է օգնութեան հասնելու աղէտեալներուն։ Փիլիպեան կղզեխումբի բնակչութեան 80 տոկոսը կաթողիկէներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.